2011-07-17 08:10:18

Մարի Հելեն Իսքենտերեան ` Համաշխարհային Կնոջական Դրամատան Նախագահ։


Մարի Հելեն Իսքենտերեան Համաշխարհային Կնոջական Դրամատուն կազմակերպութեան նախագահն է. այս կազմակերպութիւնը կը կազմէ աշխարհի ամէնէն ընդլայնուած փոքր-ֆինանսաւորման տնտեսական եւ դրամատնային ցանցը: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը:
Իսքենտերեան կը գլխաւորէ դրամատան աշխատախումբը, որուն կեդրոնը Նիւ Եորքն է, ուրկէ կը տրամադրուին թեքնիք սպասարկութիւններ եւ ռազմավարական նեցուկ` 39 գլխաւոր հաստատութիւններու եւ դրամատուներու, Ափրիկէի, Ասիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի, Լատին Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի 27 երկիրներու մէջ: Համաշխարհային կնոջական դրամատան ցանցի յաճախորդներուն 82 առ հարիւրը չքաւոր կին գործարարներ են:
Համաշխարհային կնոջական դրամատան ցանցը կը գործէ 26 միլիոն յաճախորդներով, որոնց 80 առ հարիւրը կիներ են: Տրամադրած է եօթը միլիառ տոլարէ աւելի վարկ եւ այսօր կը տրամադրէ 3,5 միլիառ տոլար իր մօտ պահ դրուած խնայողական ներդրումներէն: Համաշխարհային կնոջական դրամատունը օգտակար հանդիսացած է նաեւ վարժողական ծրագիրներու հաստատման` ապահովելու համար ճարտարարուեստի ղեկավարներու յաջորդ սերունդի մը յաջողութիւնը: Իբրեւ նախագահ`Մարի Հելեն Իսքենտերեան կը խրախուսէ կիներու ներկայութիւնը միջին ճարտարարուեստական հաստատութիւններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.